2015-09-12 08:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը` Եւրոպայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սեպտեմբեր ամսոյն 11-էն 16, Եւրոպայի եպիսկոպոսները, առ ի զօրակցութիւն  տեղական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն, իրենց ժողովը կը գումարեն ս. Երկրին մէջ։ Հաւաքին հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու Եւրոպայի բոլոր կաթողիկէ համահաւաք դասերու նախագահները ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի Եւրոպայի աւագ ներկայացուցիչները։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամի միջոցաւ իր եղբայրական ողջոյնը փոխանցած է  Եւրոպայի եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու նախագահ` Կարդինալ Փիթեր Էրտոյի, ապահովեցնելով իր աղօթքները որպէսզի այդ հաւաքը դառնայ ''աղօթքի եւ զօրակցութեան պահ մը'' ու վերանորոգէ Աւետարանի թարմութիւնը ''որմէ յառաջ կու գան նորանոր ուղիներ''։ Սրբազան Պապը ապա անոնց աղօթքներուն վստահեցուցած է ընտանիքի մասին մօտ օրէն գումարուելիք  եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը ու հայցած է Աստուածամօր հովանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.